Թրքահայ կեանք

ԹՐՔԱՀԱՅ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ՀԱՐԹԱԿ ՄԸ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը ակադեմականներ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պատրիարքարանը այս շրջանին հետամուտ է համախմբել թրքահայ ակադեմականները եւ անոնց միջոցաւ հարթակ մը ստեղծել՝ ուսումնասիրութիւններ եւ այլ ծրագիրներ յառաջ տանելու առաջադրութեամբ։

ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ ներկայացնելու համար շուրջ տասնմէկ ամսուան գործունէութեան արդիւնքները, որոնք ողջունելի պատկեր մը կը պարզեն եւ յոյս կը ներշնչեն մօտաւոր ապագային նոր ձեռքբերումներ ապահովելու առումով:
Ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա երախտագիտութիւն յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլուին, Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուին, որոնց ջանքերով իր գլխաւորած կազմը կարողացաւ գործի գլուխ գալ՝ ներառական ընտրութեան մը հիման վրայ:
Կարպիս Էվեափան եւ Սայաթ Տելիճէ մանրամասն բացատրութիւններ տուին՝ ներկայացնելով հաշուեկշիռ մը, որու երեսակները կը համընկնին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման առաջնահերթութիւններուն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատանքի խօսքին մէջ ընդգծեց՝ բաժնելու ոգին ամրապնդելու հրամայականը: Հարցումներու եւ առաջարկներու ժամանակ ուշագրաւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի, Պէյօղլուի եւ Սամաթիոյ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Մանուկ Էօղէր, Աքսել Թոփալեան եւ Նուրհան Տավուլճեան:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ռամի Հաթանը։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ եւ իրենց ուսուցիչները այցելեցին «Mamut Limited Vol.1», որ համանուն գեղարուեստական ծրագրի թուային հարթակն է։ Տղաքը «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս հետաքրքրական շրջայց մը կատարեցին։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վիեննայի համալսարանի 32 աստուածաբան ուսանողները՝ գլխաւորութեամբ Ծիսագիտութեան Աստուածաբանական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ֆոյլնէրի։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԵՆՔ ԵՐԳ ԵՆՔ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ ամրան շրջանին Իշխանաց կղզիներուն մէջ գործադրուած «Մենք երգ ենք» ծրագրին մասնակից պատանի ու երիտասարդ երաժիշտները։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ ուրարակիր Թադէոս Գարափեքմեզի։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿՐՕՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը կրթական մշակներ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի մէջ համախմբուեցան այն ուսուցիչները, որոնք պոլսահայ համայնքային վարժարաններէն ներս կը դասաւանդեն կրօնի առարկան։

Էջեր