ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ 10-ԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան, որուն կ՚ընկերանային իր արժէքաւոր գործակիցներէն Այգ Էրքման, Սիմոն Քումրալ եւ Մասիս Ռիւստեմ, ինչպէս նաեւ Թամար Քարասու, որ միեւնոյն ժամանակ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը։
«Սապահ» օրաթերթի առցանց տարբերակին մէջ երէկ արձագանգ գտան՝ Գատըգիւղի ընտանիքին իսկապէս մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն պատճառած՝ շուրջ մէկուկէս տարուան վաղեմութեամբ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած է դրամաշորթութիւն մը, որ թէ՛ թաղեցիներուն եւ թէ համայնքային շրջանակներուն արդէն ծանօթ էր, սակայն մամուլին մէջ արձագանգ չէր գտած։
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան տարեկան ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։
«Եոլճու» թատերախումբը շաբաթավերջին «Կոմիտաս»ը ներկայացուց Իզմիրի մէջ։ Այս ծրագիրը, որ Լուսաւորիչ երգչախումբի մասնակցութեամբ յառաջ կը տարուի տարիներէ ի վեր, աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրած է եւ ներկայիս այդ յաջողութիւնը կը թեւակոխէ նոր հարթութիւն մը։
Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Պաքըրգիւղի մէջ համախմբուեցան՝ թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Դժբախտաբար կարելի չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռել, թաղային խորհուրդին կողմէ ակնկալուած գումարին հազիւ կէսը գոյացաւ։
Գանտիլլիի նորաօծ Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի։
Նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ, երէկ, օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայրետտին Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։