ԿԱՏԱՐԵԱԼՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը որակի ու մակարդակի կոթող մը կը դառնայ՝ թեքնիք արդի սարքաւորումներով եւ ֆիզիքական նախանձելի պայմաններով:
Երախտաշատ ազգային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը կը զօրակցի՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան յաւակնոտ տեսլականներուն: