ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցան աշխատանոցներու ձեւաչափով գործունէութիւններ։ Տղաքը օրուան սկիզբին տեղեկութիւններ ստացան Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ այդ հիման վրայ ստեղծագործական աշխատանք տարին աշխատանոցներէն ներս։