ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ հիւրընկալել համայնքիս ակադեմական շրջանակներէն դէմքեր։ Նախընթաց օր, Պատրիարքարանի երդիքին տակ հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս ձեւաչափին մէջ։