ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց յանձնախումբը։
Պատրիարքական Աթոռը արձագանգեց վերջին օրերուն վախճանած երկու սրբազաններու կորուստին։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները նախընթաց օր հիւրընկալեցին ԱՔ կուսակցութեան Պէյօղլուի մասնաճիւղի ղեկավար իրաւաբան Ապտուլլահ Էնէս Էօզքանն ու ընկերակիցները։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ուսուցչաց օրուան առթիւ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր՝ մեծարելու համար վարժարանի կրթական մշակները։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկանց կազմը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Շաբաթավերջին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ընթացքին, մանկանց կազմին համար տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որու կողքին էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Պատրիարքական Աթոռին եւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանին համատեղ կազմակերպած հոգեւոր ու գիտական ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ շաբաթավերջին կազմակերպուած քէրմէսը համախմբեց համայնքային շրջանակները։ «Ռամատա փլազա» պանդոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առթիւ արարողութեանց։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ սկիզբ առած «Երիտասարդաց փառատօն»ի ճամբորդութիւնը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ համայնքային վարժարաններու երիտասարդներու մասնակցութեամբ։