ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան երախտաշատ գերդաստանի անդամները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչումը՝ Պալեաններու յուշարձան-դամբարանին առջեւ։