ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը։ Այս վերջինը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ՝ թաղային խորհուրդի թէ՛ կարգ մը այժմու անդամներուն եւ թէ՛ նոր թեկնածուներուն հետ։