Թրքահայ կեանք

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉՈՐՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՔՈՒԷԱՏՈՒՓ ՊԻՏԻ ԶԵՏԵՂՈՒԻ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան վերաբերեալ գործընթացը կը շարունակէ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Այժմու թաղային խորհուրդը կազմած է ինքնուրոյն ընտրական մարմին մը, որու գրեթէ բոլոր անդամները մեր համայնքէն դուրս դէմքեր են։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՐՄԱ ՀԱՏԿԱԼՈՒՐԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի ներկայացուցիչներէն մին՝ Իրմա Հատկալուրեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Իրմա Հատկալուրեան, որ Գատըգիւղի ընտանիքի մօտաւոր անցեալի յայտնի դէմքերէն մին եղած էր։

ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս երէկ քուէատուփի մօտ փութաց 3 հազար 607 հոգի:
Համայնքային ընտրութիւններուն հերթական փուլը:
Ռումելիհիսարի եւ Պալաթի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն ղեկը վստահուեցաւ կապոյտ ցուցակներուն: Սկիւտարի Ս. Կարապետ եւ Գուզկունճուքի եկեղեցիներուն մէջ գործի գլուխ եկաւ նոյն կազմը:

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի, որուն կ՚ընկերանային Նուարդ Պարըն, Սիւզան Քըզըլքայա, Շիլա Մուրատօղլու-Պոշնաքեան եւ Սարվէն Սըրատաղ։

ՎԱՂԸ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ Ա. ԵՒ Բ. ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին ամբողջութեամբ կ՚ուղղորդուի համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններով։ Վաղը պիտի ըլլայ հերթական կիրակին, երբ մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ այս անգամ 10 կառոյցի մատակարար մարմնի նոր կազմը ընտրելու համար։

ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի անդամները։

ԱՄՆ-Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէնը։
Ճուլի Էտէն, որ պաշտօնի նոր ձեռնարկած է, այցելեց Պատրիարքարան՝ հայ համայնքին ծանօթանալու նպատակով։ 

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջերս մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ մը, որուն նպատակն էր մեծարել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կրթական մշակները։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քահանայ Ճիվանեան։

Էջեր