Թրքահայ կեանք

ՎԱՂԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը վաղը պիտի շարունակուի՝ այս անգամ միակ կէտի մը համար։ Այսպէս, ընտրողները քուէատուփի մօտ պիտի փութան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նոր կազմը ընտրելու նպատակով։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ՆԱԺՏԱ ՇԱՏԵԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւնները այս շրջանին կը բնորոշուին համայնքային ընտրութիւններու գործընթացով։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ յայտնի հանգամանքներու բերումով։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ միեւնոյն ժամանակ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիզար Արթուչի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը, որուն մաս կազմեցին նաեւ միութեան բարերարներէն Հրաչ Քըրմըզեան եւ գործակիցներէն Վետաթ Աքչայէօզ եւ Փերիհան Եիւճէլ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Առանձին ընտրական մարմիններու ինքնագլուխ քայլերը կը վիրաւորեն ամբողջ համայնքին խիղճը:
Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան հետեւանքով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նամակ մը ուղարկեց Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան:

DUYURU

Özellikle Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı ve Büyükdere Sırpots Hripsimyants Kilisesi Vakfı seçim tertip heyetleriyle ilgili ciddi suistimal ithamları cemaatimizin birinci gündem maddesine dönüşmüştür.

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՃԵԶՕ ԹԱՇԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց համայնքային յայտնի բարերար Ճեզօ Թաշը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց երկար տարիներէ ի վեր Ճեզօ Թաշին կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բերուած նպաստը։

ԵՈՒԼԻԱՆԱ ԷՐՏԷՄԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆաեան Տան Է. դասարանի սաներէն Եուլիանա Էրտէմ վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ «Lions 118-T» համաշխարհային ակումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ։

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է արժէքաւոր երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, որոնք այցելեցին Գումգաբու:

Էջեր