Թրքահայ կեանք

ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները այս օրերուն կ՚ողջունեն թերթիս աւագ սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի աշխատակցութեան վերսկսիլը։ Քանի մը օրէ ի վեր խմբագրութեանս հետ կապ կը հաստատեն մեր ընթերցողները, որոնք ուրախութիւն կ՚արտայայտեն՝ թերթիս սիւնակներուն մէջ տէր հօր գրութիւնները վերստին գտնելու բերումով։

ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Պապատաղի գաւառապետ Պերք Աճառին։ Ինչպէս ծանօթ է, Պերք Աճառ մեր համայնքի անդամներէն է եւ նախընթաց օր պաշտօնապէս Տենիզլիի Պապատաղ գաւառակի գաւառապետի պաշտօնին կոչուած էր։

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԵՒ ԵՂԱՆԱԿԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ եզրափակուեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի ի յիշատակ կազմակերպուած մարզական փառատօնը, որ վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։

ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութեան առարկայ մնալ կը շարունակէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առնուած քայլը, որով ինքնագլուխ եւ սահմանափակ մասնակցութեամբ ընտրութեան ձեռնարկելու ճանապարհը որդեգրուած է։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեամբ հաստատուած է շրջանային համակարգ մը։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցութիւն յայտնեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին համար։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ երէկ Գնալը կղզիին մէջ սկսաւ մարմնամարզական փառատօն մը։ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի արարողութիւններուն նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, տաղաւարի նախորդող օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Թուրքիոյ հարաւային քաղաքները՝ մինչ զուգահեռաբար կազմակերպուած ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց Վաքըֆլըգիւղը։

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը աւանդական ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաջորդած Խաղողօրհնէքին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նշան Եաղուպեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան մասնագիտական գետնի վրայ ծաւալած էր բեղուն աշխատանք՝ մինչ տասնամեակներ շարունակ մեր համայնքին համար ալ մատուցած էր երախտաշատ ծառայութիւն։

Էջեր