ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը, որ «Հայճար»ի կողմէ հրաւիրուած է քաղաքս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հայճար»ի սիւներէն Նազար Պինաթլը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եաման» երիտասարդ երաժիշտներու խումբին համերգը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաք։ Իր յանկարծական մահը ցնցում պատճառած է բոլոր սիրելիներուն՝ քանի ան իսկապէս անժամանակ հրաժեշտ առած է կեանքէն։
2023-2024 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի հանգանակութեան հասոյթը ակնկալուածէն շատ աւելի բարձր մակարդակի հասաւ:
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին հերթական անգամ վերյիշուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի բարեյիշատակ անդամները, որոնց համար հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ։ Ծանօթ է, որ Սկիւտարի գերեզմանատունէն ներս Պալեաններուն համար «Հայճար»ի ջանքերով Պալեաններու շիրիմը յուշարձանի մը վերածուած է եւ ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ ամէն տարի հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին անոնք կ՚ոգեկոչուին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Շիշլի մարզակումբի զանազան կազմերը նոր եղանակի բացման փուլին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Պասքեթպոլի, վոլէյպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ճատրակի մէջ շիշլիցիներուն ապահոված արդիւնքները յուսադրիչ են։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր ու հետաքրքրական գիրք մը, որ կը կոչուի «Dersaadet»։ Միքայէլ Աստերիսի հեղինակած այս գործը գերմաներէնէ թրքերէնի թարգմանուած է Զէյնեփ Թաշքընի կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մասիս Գույումճուի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն՝ 2023-2024 շրջանի հանգանակութիւններու սկիզբի նախօրեակին: