ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահեց միջվարժարանային գիտութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մրցոյթի օրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուստի մրցանակաբաշխութեան հանդէսը կատարուեցաւ երէկ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ Ֆէնէրճեան եւ ատենապետ Պերճ Զընկըքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէյի Անկախութեան օրուան առթիւ սարքած ընդունելութեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Առաջնորդ» պարախումբէն Նատին Պէրպէրեանը։ Հանդիպման ընթացքին ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն «Առաջնորդ» պարախումբը պիտի ունենայ նոր ելոյթ մը։
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։ Իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին, ամէն տարի ամառնամուտին, աւանդաբար ամբողջ դպրոցը կ՚իրականացնէ միօրեայ մեծ պտոյտ մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տանտիրութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային առաջին STEM մրցոյթը, որուն մասնակցութիւն բերին համայնքային վեց միջնակարգերէ աշակերտներ։ STEM-ը, որ աշակերտներուն ուղեցոյց կը դառնայ զանազան հարցերու լուծման ընդունակութեան մէջ, ներկայ դարու ամենակարեւոր ուսուցման մեթոտներէն մին է։
Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն յառաջացուցած էր մեծ ցաւ։
SEV-ի երէկուան համագումարը թէեւ հերթական էր, սակայն բնորոշուեցաւ արտասովոր իրադարձութիւններով:
Պէզճեան Մայր վարժարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցան՝ Միջնախակրթարանային մտախաղերը, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Հարկ է նշել, որ սոյն մրցոյթը այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ համագործակցութեամբ Թրքական ուղեղի ակումբի եւ անոր յարակից հրատարակչութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։