ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Էսաեան վարժարանին մէջ, Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ՝ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից երիտասարդներուն, նաեւ մարզիկներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը խրախուսէ համակեցութեան եւ խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան խանդավառ տօնակատարութիւններ։ Շուրջ մէկ շաբթուան վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ դպրոցէն ներս, աշակերտներուն մօտ ընդհանուր պատկերացում մը ձեւաւորելու համար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժման մասին։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց փառատօնի ծիրէն ներս առանձայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Փառատեսիլ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիէն Մոնս. Անթուան Ըլկաթը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նշանակուած է Անատոլուի Պապական նուիրակի օժանդակ եպիսկոպոս՝ Թուպերնուկա շրջանի տիտղոսաւորի հանգամանքով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի եւ Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասուի հետ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան սիրոյ սեղանին ալ անդրադարձաւ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի առկայ խնդիրներուն:
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։