«ՄԵՆՔ ԵՐԳԵՆՔ ԵՒ ՊԱՐԵՆՔ»Ը ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։