Թրքահայ կեանք

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յառաջիկայ յուլիսի 1-ին պիտի կազմակերպէ Միւռոնօրհնութիւն։ Անթիլիասի վանքին մէջ նախատեսուած արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԵՑԱՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 3-րդ դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Թաղականներուն միացած էր եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան հունձքի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Վարժարանը այս տարի 197-րդ անգամ շրջանաւարտ տուաւ։

ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Անգարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի վեթերան վարպետներու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Առնօ Կարապետեան։ Այս մրցոյթի արդիւնքին Առնօ Կարապետեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՏԱՐԻՒԼԱՃԵԶԷ»Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Տարիւլաճեզէ»ի նախագահ Համզա Ճէպէճին եւ ընկերակիցները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ.  Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԵՂԱՆԱԿԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը պասքեթպոլի կազմերուն համար 2021-2022 մարզական շրջանի եզրափակիչ հաւաքոյթ մը կազմակերպեց։ Ակումբի պասքեթպոլի մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները համախմբուեցան այս առթիւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի համալիրէն ներս կազմակերպուած հրաժեշտի հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ բնորոշել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Երկար սպասուած կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքը արդէն մինչեւ տարեվերջ յետաձգուած ընտրութիւնները իրականացնելու պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլոր հարթութիւններու վրայ քննարկման կ՚ենթադրուի նոր կանոնադրութիւնը, որով առաջին անգամ ընտրութեան պիտի ձեռնարկեն փոքրամասնական համայնքները։

Էջեր