Թրքահայ կեանք

ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀԻՄՆԱԴՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ նշանակուած է Լենա Ենիեորկան, որ կ՚անդամակցի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Հոգելոյս ելմտագէտ, բարեյիշատակ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի հեղինակած վերջին բառարանին շնորհանդէսն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։

ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Փոքրիկները գործադրեցին բազմալեզու յայտագիր մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

«ՏԵՒԱ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Տեւա» կուսակցութեան Բ. ընտրաշրջանի երեսփոխանի թեկնածու Էվրիմ Ռըզվանօղլուն եւ իր ընկերակիցները։

ԱՏԸԵԱՄԱՆԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան  նախընթաց օր ընդունեց Ատըեամանի Հայրենակցական միութեան վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Սատըք Պաքըրճըօղլուի։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԵՐԿՈՒ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Անգարայի «Պիլիմ» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. տքթ. Եավուզ Տեմիրն ու Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան նախկին վարչապետ փրոֆ. տքթ. Պէյճան Իպրահիմօղլուն։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որ համախմբեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։

ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Սամաթիոյ ընտանիքէն վարչայիններ։

Էջեր