ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս լատին-կաթոլիկներու նորանշանակ վիճակաւոր Հայր Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն։ Ներկայիս այս վերջինը պաշտօնամուտի առթիւ քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդներուն եւ այս ծիրէն ներս ալ այցելեց Պատրիարքարան։