ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԱՍԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ
Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ՝ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։ Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ ու կ՚ապահովէ սննդեղէն ու մաքրութեան համար զանազան իրեր։