ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՆՈՒԷՐ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է դարձեալ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ կը պատրաստուինք հին տարին թաղել պատմութեան էջերուն մէջ եւ դիմաւորել՝ նորը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է դարձեալ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ կը պատրաստուինք հին տարին թաղել պատմութեան էջերուն մէջ եւ դիմաւորել՝ նորը։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու շաբաթավերջին իր սկաւառակները մակագրեց Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս թողարկած է իր առաջին սկաւառակը, որ կը կոչուի «Լոյս»։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի երախտաշատ ու փորձառու դէմքերէն Կարապետ Մխալեան։ Այս կորուստը իսկապէս յուզում պատճառած է մեր համայնքի կրթական շրջանակներուն, որովհետեւ Կարապետ Մխալեանի տխուր հրաժեշտը կը համարուի անժամանակ։
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։
Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ «Կեդրոնական, ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը։
Երեկոյթը պատուեց Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու ընկերացան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ծրագրի գործադրութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ «Միշտ կարգապահ, միշտ կանգուն։ Կեցցէ՛ Լեւոն-Վարդուհեան» նշանաբանով պատրաստուած է 200-ամեակի ծրագիրը։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորելով՝ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ: