Թրքահայ կեանք

ՄՆԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏ…

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր անունը: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի համար:
«Աղօթեցէք, որ միշտ ունենամ Աստուծոյ երկիւղը իմ մէջս։ Ներելը եւ ներուիլը Յիսուսի ժառանգ թողած մեծագոյն ուսուցումն է», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ քարոզին:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻԹՒՆ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ իսկապէս տօնական մթնոլորտ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱԾ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գարակէօզեան Տան հիմնադիր, ազգային երախտաշատ ու անմոռանալի բարերար հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր իսկ հիմնադրած որբանոցի ընտանիքին կողմէ։ Այսպէս, երէկ առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ողբացեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի համար։

ՍԱՀԱԿԵԱՆ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԱՂԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ տարեմուտը դիմաւորած է մասնաւոր ոգեւորութեամբ։ Արդարեւ, վաղը երեկոյեան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի եւ համանուն մանկանց երգչախումբի համերգը։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Կարապետ Մխալեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքէն երկու պաշտօնատարներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Մուսթաֆա Օտապաշը եւ Սետա Ճայմազ։

ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Նոր տարին։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի արուեստագէտները խրախճանքի մը մասնակցեցան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Սեբաստացի հայերու հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Էջեր