ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱԼԻ ՀԱՅՏԱՐ ԵԸԼՄԱԶ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅՂԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
Պէյօղլուի քաղաքապետ Ալի Հայտար Եըլմազ երէկ այցելեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ուր շնորհաւորութիւններ յղեց Նոր տարուոյ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս հայաբնակ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները երկար ժամանակէ ի վեր տօնական օրերուն կը փութան բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ յղելու փոքրամասնութիւններուն՝ մանաւանդ հայ համայնքին։