ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄՆ-Ի ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՏԵՐՆԸԼԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլը, որուն կ՚ընկերանար հիւպատոսարանի քաղաքական հարցերու գծով խորհրդականը։ Ամերիկացի դիւանագէտները Պատրիարքարան փութացած էին շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութիւնը եւ այս առթիւ հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու անոր հետ։