ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ»
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պայրամի արձակուրդի օրերուն տեղի ունեցաւ «Զուարճալի գիտական աշխատանոց» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պայրամի արձակուրդի օրերուն տեղի ունեցաւ «Զուարճալի գիտական աշխատանոց» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի, երէկուան Ս. Պատարագին եւս մասնակցեցան զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, որոնց ներկայութեամբ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սեւան Արապօղլուի գլխաւորութեամբ։
Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն բացատրութիւններ տուին՝ նախընթաց օր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեղի ունեցած կարեւոր տեսակցութեան շուրջ:
Ընտրական գործընթացը մշտական լուծումներով՝ թրքահայ համայնքի արդի կարիքներու դիմագրաւման համար: նոր որակով մը վերակազմակերպելու նպատակով կողմերը արտայայտեցին իրենց կամքը: Համակարգի զարգացման ուղղեալ աշխատանքներն ու առաջարկները սեղանի վրայ պիտի դրուին յառաջիկայ արձակուրդի օրերէն վերջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաքն ու կարգ մը գործակից ընկերները։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։
Մեծ Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած երէկուան յոբելենական երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէր Գնալը կղզիի մէջ մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները՝ գրաւելով ունկնդիրներու սիրտը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան անդամները։ Ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած թաքսիմցի վարչայինները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Son günlerde Narlıkapı Surp Hovhannes Kilisemizle ilgili dedikodu mahiyetindeki bir söylentiyle ilgili gerçeklerin kamuoyuyla paylaşılma gereği hissedilmiştir.