ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Վարժարանի համալիրէն ներս համախմբուեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։