ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Պիւյիւքտէրէի «Ֆուատ փաշա» ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս «պրանչ»ը համախմբեց մեր համայնքէն շուրջ 300 տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։