ՍԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԷՆ ԱՆԴԻՆ…
«Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակցութիւն բերին հազիւ քանի մը տասնեակ անձեր, որոնք կարգապահ էին:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ Պատրիարքական ընտրութիւն կատարել աւանդական ձեւով, նաեւ շեշտուեցաւ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի հարցը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ շաբթուան մէջ Իսթանպուլէն մեկնած էր Մոսկուա, ուրկէ պիտի անցնէր Հայաստան՝ մասնակցելու համար Սրբազան Պապի դէպի Ս. Էջմիածին այցելութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը այս օրերուն դարձեալ գետի նման վարարած է մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ «Միտք» հարթակին անունով, Թադէոս Պէպէք երէկ թերթիս յայտնեց, որ վաղը Գումգաբուի մէջ ցոյց մը պիտի կատարեն հերթական անգամ համայնքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այս խնդրին վրայ։