ՆԱԶԼԸ ԹԵՄԻՐ-ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՈՔԹՈՐԻ ՏԻՏՂՈՍ ՆՈՒԱՃԵՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդ ակադեմականներէն Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան Փարիզի մէջ աւարտած է իր տոքթորականը՝ մասնագիտանալով ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ։ Նազլը Թեմիր-Պէյլէրեան վերջին տարիներուն տոքթորականի աշխատանք տարած է Ֆրանսայի Ընկերային գիտութիւններու գծով բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու դպրոցէն ներս։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը կազմակերպեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի այս տարուան հունձքին համար։ Հարկ է նշել, որ 2015-2016 կրթական շրջանին Սահակեան-Նունեան լիսէն ունի քառասուն շրջանաւարտ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Սելին Շիլէլեան վերջերս յաջողութեամբ աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Կրթական ֆաքիւլթէն։ Դասարանի ուսուցչութեան եւ գիտութեան ուսուցչութեան գծով ան նոյնաժամանակ հետեւած է երկու հիմնական ճիւղի։
Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, ուխտաւոր դպիրներ եւ կոկիկ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։ Եկեղեցւոյ համար սոյն տօնակատարութիւնը յատկանշական էր, քանի որ զանգակները կ՚աւետէին 175-ամեայ աղօթքի տան կենդանութիւնը։