Թրքահայ կեանք

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին պա­տուեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, նա­խան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած էր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ 100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սած ա­ռա­ջին ե­րեք գիր­քե­րուն հա­մա­տեղ շնոր­հան­դէ­սը՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ նա­խա­գա­հեց Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան։ Սա Մեծ պա­հոց շրջա­նի եր­րորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւնն էր Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Շա­հին Տօ­նի­կեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ հան­գու­ցեա­լը հայրն է Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեա­նի եւ իր կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն մեծ ցաւ ստեղ­ծեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շուրջ շա­բա­թէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին։

ՄԱՀ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԵՄԻՐՃԻԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ազ­նիւ սպա­սա­ւոր Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լու։ Ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկա­կան խտա­ցեալ խնամ­քի տակ։

«ՍԱՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»ն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թոփ­հա­նէի իր աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ար­դի պա­րի նոր ե­լոյթ մը։ «Սար» կո­չուած է այս ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու հա­մա­հե­ղի­նակ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Միհ­րան Թով­մա­սեան եւ Սա­րօ Ուս­տա։

ԴԱՐԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԵՐԹԵՒԵԿ

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը փայլուն անցաւ՝ շաբաթավերջին բնորոշելով համայնքային օրակարգը։
Ներկան եւ անցեալը… ընդելուզուած։
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գործերուն մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան այլին Գօչունեան, Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, որոնք կանգ առին պատմութեան եւ արդի ժամանակներու զուգահեռականներուն վրայ: «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ կազմակերպուած նիստը վարեց Սագօ Արեան։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած յատկանշական ու եզակի ձեռնարկը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։

Էջեր