ՏՈՑ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանը։ Ներկայիս արդէն ան աւարտած է իր գործունէութեան շուրջ մէկ տարին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանը։ Ներկայիս արդէն ան աւարտած է իր գործունէութեան շուրջ մէկ տարին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը ներկայիս հետամուտ է թատերական ծրագրի մը։ Միութենէն ներս ստեղծուած է նոր թատերախումբ մը, որ կը կոչուի «Բարեւ»։ Այս վերջինը կը խարսխուի յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութեան ու եռանդին վրայ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) տարեմուտի ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ էր ընտրութիւններու հարցը:
Յարութիւն Շանլը յայտնեց, որ կակնկալեն յառաջիկայ շրջանին տեսակցութիւն մը ունենալ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ:
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց 2016 թուականի իր առաջին ժողովը:
Ելմտական յանձնախումբին կողմէ մեր վարժարաններու վիճակին շուրջ պատրաստուած տեղեկագիրը կը պարզէ ահազանգային պատկեր մը:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Գերապայծառին կ՚ուղեկցէր Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։
Երուսաղէմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցին վերջերս Հին տոմարի համաձայն նշեց Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Իսթանպուլէն դէպի Երուսաղէմ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքը բնութագրող ամենաազնիւ ու հարուստ բնագաւառներէն է երգարուեստը: Հայ երգը ունի հազարամեակներու պատմութիւն՝ ընդգրկելով հոգեւորէն մինչեւ աշուղական, ժողովրդականէն՝ հայրենասիրական, դասականէն՝ քաղաքային ֆոլքլոր եւայլն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն յայտնի ուտահարներ՝ հայր ու որդի Ռիչըրտ եւ Հերոլտ Յակոբեանները, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Իսթանպուլ։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ, բարեկամական շրջանակէ ներս մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր Ռիչըրտ Յակոբեանի համար։