Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովին, որ պիտի գումարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի՝ վախճանման տարելիցին առթիւ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փութաց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներու այցելութեան։ Խումբը գլխաւորեց դպրապետ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
«Մարալ» միութիւնը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները՝ Մարի Աքպաշ, Սելմա Մելեքեան, Լեռնա Փափազեան եւ Ալին Քումրալ։