ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
«Մարալ» միութիւնը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները՝ Մարի Աքպաշ, Սելմա Մելեքեան, Լեռնա Փափազեան եւ Ալին Քումրալ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցն ալ պատշաճօրէն յարդարուած էր այս խրախճանքին առթիւ եւ փոքրիկները ունեցան անմոռանալի ժամանց։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այս շաբաթավերջին պիտի նշէ իր կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 107-րդ, իսկ երգչախումբի կազմաւորման 84-րդ տարեդարձներուն առթիւ նախատեսուած են կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։