ԳՈՅԺ. ՈՉ ԵՒՍ Է ԿԱՐՊԻՍ ՈՒՂՈՒՐԼՈՒԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարպիս Ուղուրլուեան։ Իր սերունդի ամենայատկանշական դէմքերէն մին էր Կարպիս Ուղուրլուեան, որ թրքահայ կեանքէ ներս կը վայելէր թէ՛ մեծ համակրանք եւ թէ մեծ վստահութիւն։
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւնները, որոնց ընդառաջ նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն։
Մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեան այս շրջանին երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է սկաւառակ մը։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որ Պարթեւ Կարեանի համակիրները երբ որ փափաքին, կարենան իրենց բնակարանի կամ գործատեղիի երդիքին տակ հիւրընկալել համակրելի արուեստագէտը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր ծառայութիւն կը բերէ հայկական երաժշտութեան։