Թրքահայ կեանք
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
ՄԱՍՆԱԳԷՏԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ
Շիշլիի գերեզմանատան նկարներու հարցին շուրջ Կեդրոնական վրժ.ի նկարչութեան ուսուցչին խօսքը:
Եավուզ Քըլըչէր. «Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ կ՚աշխատինք փոխադարձ վստահութեամբ»:
ՈՂԲԵՐԳԱԼԻ ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ
Շիշլիի գերեզմանատունէն Ասպետ Ջունդի ստեղծագործութիւնները կը պակսին՝ Կարօ Համամճեանի ատենապետած յանձնախումբի պաշտօնավարութեան շրջանէն ի վեր:
Այժմու պատասխանատուներուն բացատրութիւններով, նորոգութեան ուղարկուած այդ պաստառները շուրջ ամիս մը վերջ վերստին պիտի զետեղուին իրենց տեղը:
ՄԱՀ՝ ԿԱՐՕ ԱՅՎԱԶԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն եւ մեր գեղարուեստական կեանքի ծանօթ անուններէն մին՝ Կարօ Այվազ։
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆԱՑՈՒՄ…
Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:
ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՇԱՐԺՈՒՄ
Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:
ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանը։ Անցեալ Կիրակի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի բարերարը, հանդիսապետութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեանի։
ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ Կ՚ԸԼԼԱՅ «ՆՈՐԱԾԱԳՈՒՄ»Ի
Շիշլի մարզակումբը նախապատրաստական աշխատութիւններու ձեռնարկած է կեանքի կոչելու համար «Նորածագում» խորագրեալ ծրագրի մը, որով կը նախատեսուի կազմակերպել սիրոյ սեղան մը եւ ստեղծել զօրակցութեան մթնոլորտ։ 1946 թուականին հիմնուած այս մարզակումբը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը, որուն ընդառաջ կը ձգտի ամրապնդել իր գործած ենթագետինը։
ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՆՈՒԱՐԴ ԵԸԼՏԸԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Նկարչուհի Նուարդ Եըլտըզ երէկ երեկոյեան բացաւ անհատական ցուցահանդէս մը՝ Լեւենտի թենիսի ակումբին մէջ։ Ցուցահանդէսի այցելուները կը ծանօթանան Նուարդ Եըլտըզի ստեղծագործութիւններուն, որոնք ընդհանրապէս ներշնչուած են բնութենէն, նաեւ կը ցոլացնեն Իսթանպուլի տեսարաններ։