ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը անկարելի է օգտագործել՝ անտեսելով հանրութեան անդորրը:
Պատրիարքարանը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ համայնքին անունով խօսելու յաւակնողներու հասցէին:
Կարծիք յայտնելու ազատութիւնը անկարելի է օգտագործել՝ անտեսելով հանրութեան անդորրը:
Պատրիարքարանը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ համայնքին անունով խօսելու յաւակնողներու հասցէին:
Սկիւտարի Ս. Խաչ թաղամասի գերեզմանատան մէջ կը վերանորոգուի Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանին շիրիմը:
Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ այս կարեւոր ծրագիրը կեանքի կը կոչուի «Հայճար»ի հետեւողական ջանքերով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
TEOG-ի քննութիւններուն այս տարի առաջին անգամ պիտի ընդգրկուին նաեւ հայոց կրօնին վերաբերեալ հարցումներ:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ խումբ մը կրթական մշակներ երէկ Անգարա այցելեցին՝ քննարկելու համար հարցումներու պատրաստութեան վերաբերեալ նիւթեր: Ազգային կրթութեան նախարարութեան չափման եւ արժեւորման բաժանմունքին հետ կը ծաւալուի դրական աշխատանք:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անրի Ֆան Թիէկըմը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց պելժիացի դիւանագէտը եւ գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թրքահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Շիշլիի քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ՝ աջակցելու մեր համայնքային կառոյցներուն:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն եւ Վազգէն Պարընը:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Խաչվերացի տաղաւարի նախատօնակի օրուան զուգադիպած այս հաւաքական մկրտութեան իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ահաբեկչական վերջին դէպքերու մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանը հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ թարգման հանդիսանալով մեր համայնքի տրամադրութիւններուն:
Անպատասխանատու կարգ մը անձերու կողմէ հայոց հասցէին կատարուած ժխտական արտայայտութիւններուն դէմ Գումգաբուի կողմէ հակազդեցութիւն: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին: