ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ հերթական անգամ նոյնացաւ մեր համայնքին հետ:
Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի ծախսերը հաւասարակշռելու համար թաղային խորհուրդը միջոց մը եւս պիտի մնայ որոնումներու մէջ
Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը տարեվերջի առթիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպեց ընթրիք մը, որ աւանդական դարձած է վերջին տարիներուն։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած եւ շաբաթավերջին բացումը կատարուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» նոր սրահը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մօտ։ Այս սրահը կառուցուած է Ֆաթիհի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։