Թրքահայ կեանք

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ կրթա­կան մշակ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի կազ­մը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Իս­թան­պու­լի ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան շրջագ­ծով։ Գար­թա­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մար­զաս­րա­հին մէջ, 23-31 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քը, ո­րու ըն­թաց­քին շիշ­լի­ցի­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կան ի­րենց բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն։

ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ տա­րե­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, դպրե­վանք­ցի­նե­րը այս շրջագ­ծով Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լե­ցին Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր ե­րան­շա­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի շիր­մին մօտ։

ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՕՐԸ

Գալ­փաք­ճեան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ մեծ եր­ջան­կու­թիւն։ Այս­պէս, Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի ե­րէց­նե­րէն, թեր­թիս սիւ­նա­կա­գիր Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի սի­րա­սուն թոռ­նի­կին՝ Ա­րա-Ժո­զէֆ Գալ­փաք­ճեա­նի։

ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի թան­գա­րա­նը ստա­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է գոր­ծել Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թ. Բա­ղի­շե­ցի Կո­լոտ Պատ­րիար­քին ա­նուան ձօ­նուած թան­գա­րա­նը, ո­րուն ներ­կա­յիս շնոր­հուած է պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճակ։

ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին մեծ կար­գա­պա­հու­թիւ­նով ու ե­ռան­դով հե­տե­ւե­ցան ման­տո­լի­նի դա­սե­րուն, իսկ ե­րէ­կուան տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք ի­րենց աշխ­ա­տան­քին ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նեն բո­լո­րին։

ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՀԻԼՏԱ ՃԻՎԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄՈՏԱՅԻ ԾՈՅԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հի Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Սա իր երկ­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խա­ղե­րու եւ գրա­տե­սակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նա­կան դրուագ­ներ։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՆՈՒԱՃՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի նոր հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քին։ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման 562-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Էջեր