Թրքահայ կեանք

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԴԻՏԵՑԻՆ «ՄԻՒՍ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը երկ­սեռ ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի Իք­պալ Փո­լա­տի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դի­տե­ցին Նե­ֆին Տին­չի ու Հեր­քիւլ Միլ­լա­սի կող­մէ պատ­րաս­տուած ու նկա­րա­հա­նուած «Միւս գիւ­ղա­քա­ղա­քը» խո­րագ­րով վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի վե­րա­նո­րո­գեալ շէն­քին բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Պաշ­տօ­նա­կան ճա­ռե­րէն վերջ, Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պա­տուոյ հիւ­րե­րը միաս­նա­բար հա­տե­ցին վե­րա­նո­րո­գեալ պատ­մա­կան շէն­քի մուտ­քին պար­զուած խորհրդան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը։

ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ֆրան­սա­ցի լրագ­րող Թո­մաս Վա­լիւ ան­ցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուաւ Իս­թան­պուլ։ Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն ան այ­ցե­լեց նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը, ուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց թրքա­հայ հա­մա­յն­քա­յին կեան­քին, ա­նոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն, դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ վեր­ջին շրջա­նին կեան­քի կո­չուած բա­րե­փո­խում­նե­րու դրա­կան ար­դիւն­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Վարժարանի հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանին զուգադիպած շրջանաւարտից օրը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն՝ սերունդներու մեծ տողանցքով:
Բաժակի պահուն Էսաեանի ընտանիքին անդամները տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար:

ՏԱՏԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վառ շա­բա­թա­վերջ մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ե­րէ­կուան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Այս­պէս, ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան ներ­կայ գտնուե­ցան թա­ղի Ծնունդ Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇԸ

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Գա­րա­կէօ­զեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­տա­նե­կան նա­խա­ճաշ մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու շրջագ­ծով հաս­տա­տու­թեան բազ­մա­թիւ շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան նա­խա­ճա­շի սե­ղան­նե­րու շուրջ։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ անգ­լե­րէն թատ­րո­նի խրախ­ճանք մը։ Ին­նե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը, ո­րուն շրջագ­ծով Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի, Գալ­ֆաեան Տան, Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի եւ հիւ­րըն­կալ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի թա­տե­րա­խում­բե­րը հան­դէս ե­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­լի­սէա­կան մար­զա­կան խրախ­ճան­քի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մեր լի­սէ­նե­րու խում­բե­րը վո­լէյ­պո­լի եւ պաս­քեթ­պո­լի հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քին մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։

183-ՐԴ ՈՍԿԷ ՕՂԱԿԸ…

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ էջ մը եւս թերթուեցաւ՝ հպարտութեան զգացումներով եւ յարատեւութեան մաղթանքով:
Համբարձման տօնին օրը այս տարի եւս համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Գթութեան յարկին հիմնադրութեան տարեդարձը:

Էջեր