«ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՐԱՆ»…
«Ֆոթոիսթանպուլ 2015»ի շրջագծով երէկ երեկոյեան եզակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Բերայի թանգարանի յարկէն ներս:Լուսանկարչութեան աշխարհահռչակ վարպետին ստեղծագործական ժառանգութեան զանազան երեսակները խոշորացոյցի տակ բերուեցան հեղինակաւոր ատենախօսներու կողմէ: Արա Կիւլէր հերթական անգամ անսահման համակրանքով շրջապատուեցաւ իր արուեստի հետամուտներուն կողմէ:
Պոլսահայ երաժշտական կեանքէն երկու համակրելի դէմքեր՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Հայաստան։ «Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անոնց ուղեւորութիւնը։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոնումներու մէջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր մարզական աշխարհի յայտնի եւ արդէն անմոռանալի անուններէն Սարգիս Չալըշ, որ անցեալի մէջ եղած էր Թաքսիմ մարզակումբի դարպասապահներէն մին։ Իր յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։