ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐՔ
Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը համաձայնութեան հասաւ Սկիւտարի քաղաքապետարանին հետ, որ վարձած է երբեմնի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանի շէնքը, ստանձնելով նաեւ վերանորոգութեան պատասխանատուութիւնը:
Պատմական կրթօճախը պիտի վերածուի աշակերտական հանրակացարանի: Ամսավճարներէն բաժին դուրս պիտի բերուի նաեւ Գալֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին համար: Ատենապետ Այվազեան եւ իր ընկերները նոյն միջոցներով կը ծրագրեն իրականացնել նաեւ ազգապատկան այլ կալուածի մը բարեկարգումը:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Մելքոն Սահակօղլու հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Այս հրաժարականին կապակցութեամբ թաղային խորհուրդը այս առաւօտ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որու թրքերէն բնագիրը վաղը լոյս պիտի տեսնէ մեր մամուլին մէջ։
Sayın
Սեպտեմբեր 17-Հոկտեմբեր 11 թուականներուն միջեւ Թեփեպաշըի հարթակին վրայ տեղի կ՚ունենայ հնագրավաճառներու 9-րդ փառատօնը։ Կազմակերպիչներն են Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, Իսթանպուլի քաղաքապետութիւնը, «Քիւլթիւր քենթի» հիմնարկն ու Պէյօղլուի քաղաքապետութիւնը։