ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներուն, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:

Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։