ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ՝ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ
ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ նշանակուած է Արսէն Աւագեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Արսէն Աւագեան օտար անուն մը չէ, քանի որ 2001-2005 թուականներուն միջեւ նոյն պաշտօնը վարած էր քաղաքիս մէջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:
Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ուրախութիւնը ունեցանք նախկին իսթանպուլահայ արժէքաւոր ատամնաբոյժ Սարգիս Ատամը։ Ան Թուրքիա կ՚այցելէր Վանի մէջ մասնակցելու համար բժշկագիտական համաժողովի մը։