ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից հանդէսը երէկ իրիկուն կայացաւ վարժարանի պարտէզին մէջ։ Խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Սկիւտարի բարձունքին. հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Դպրեվանքի առասպելանուն նախկին տնօրէն Հայկ Նշան, հին ու նոր դպրեվանքցիներ, որոնք փութացած էին ջերմօրէն ողջունելու վարժարանի նոր հունձքը։

Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։