ԱՆԳԼԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԵՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ընդառաջ փութացած են Թուրքիա։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։
Գնալըի բարձունքին, Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, ուխտի շաբթուան շրջանակներէն ներս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը կը շարունակուի թափով։ Երէկ յետմիջօրէին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Գնալըի բարձունքին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէ՝ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող շաբաթը մասնաւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն մին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն. ոչ եւս է տոց. Վահէ Ալիքսանեան։ Բօթը հասաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց թէ՛ նորոգ հանգուցեալ տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ընտանիքին եւ թէ ամբողջ համայնքային շրջանակներուն։
Երէկ երեկոյեան Գնալըի բարձունքին «Աւետիկ Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը համախմբեց շարք մը հետաքրքիրներ։ Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ հեղինակուած այս գործը միջոցէ մը ի վեր կ՚արժանանայ ուշադրութեան եւ ի շարունակութիւն երէկ երեկոյեան տեղի ունեցածը ձմրան շրջանին կազմակերպուած շնորհանդէսի կրկնութիւն մըն էր։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի երկու տարիէ ի վեր ակամայ փակ ըլլալը ամրան շրջանի համայնքային կենսագործունէութեան տեսակէտէ արտասովոր վիճակ ստեղծուած է։ Այս ամբողջին մէջ մանաւանդ՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ անդամներու զաւակները կը զրկուին ամրան արձակուրդի հնարաւորութենէն։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը։ Ծանօթ է, որ մարզակումբը պարբերաբար մեր համայնքային շրջանակներուն համար կը կազմակերպէ քայլարշաւներ, որոնց հերթականն էր շաբաթավերջինը՝ Գնալը կղզիի մէջ, ուր ամրան եղանակին համայնքային շրջանակները խտացած են։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլը, որու ընթացքին պոլսահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ապրեցան ոգեւորութեան նոր ալիք մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան դուրս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն:
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» շարքի հերթական համերգը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ հանդէս եկան «Կամանս» եւ «Սոլանում» խումբերը։