ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵՐԻ ԶԻՎԷՐ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է երախտաշատ կրթական մշակ Մերի Զիվէր։ Յետ երկարատեւ ու տառապալի հիւանդութեան ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է փոքրիկն Ալեքս Քէյիշօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ կնքահայրութեամբ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեանի։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
Պոլսահայ կրթական կեանքի առկայ դրուածքին տեսակէտէ երկարաժամկէտ նշանակութեամբ խորհրդածութիւն:
Համայնքային շրջանակները ցաւակից Պետրոս Շիրինօղլուին՝ մօրեղբօր կորուստի փուլին:
Գնալը կղզիի մէջ այս տարի եւս տեղի կ՚ունենայ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երիտասարդաց համերգաշարը։ 2024 թուականի ամրան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ։
Շիշլի մարզակումբը այս ամրան վերսկսած է կազմակերպել ճամբարներ։ Ամրան դասընթացքներուն զուգահեռ նախատեսուած է այս աշխատանքը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները Հէյպէլի կղզիի մէջ ամառնային ճամբարի մը մասնակցելու փորձառութիւնը ունեցան՝ հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթեան վարժարանին մէջ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նախակրթարանի շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն, իրենց ծնողներուն եւ հիւրերու կողմէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կրթական շրջանի վերջին օրերը բնորոշուեցան աւանդական փառատօնով։