ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Օրթագիւղի ընտանիքը թաղի Թարգմանչաց վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց թաղի վարիչները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին տղաքը։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին, որ կը բաղկանայ 61 ընթացաւարտէ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու յայտագիրը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր պատմական այս կրթօճախին հարուստ աւանդութիւնները։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն։ Կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին դպրոցէն ներս կազմակերպուած հանդէսը յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամները՝ մանաւանդ, որ այս դպրոցը բաց կը պահուի մեծ զոհողութիւններով ու գերմարդկային ջանքերով։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ հանդէս մը կազմակերպեց թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար։ Տղաքը թէեւ յառաջիկայ տարի, ըստ էութեան, պիտի շարունակեն յաճախել իրենց վարժարանը, սակայն Սամաթիոյ ընտանիքը զանոնք խրախուսեց՝ նոր փուլի մը ընդառաջ։
Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Իննօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ:
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Արամ Գամպուրեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որ համախմբեց հանգուցեալի վաստակին նկատմամբ յարգանքով տոգորուած բազմաթիւ յուղարկաւորներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի այս տարուան հունձքին։ Լիսէի 55-րդ շրջանի ընթացաւարտները փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ առին վարժարանէն՝ մինչ բոլորը Սամաթիոյ ընտանիքի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները նախընթաց օր ուղեւորութիւն մը կատարեցին դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափը։ Այս ծիրէն ներս անոնք այցելեցին Ռումելիհիմարի Ս. Սանդուխտ եւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցիները։
Գալֆաեան տան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը, որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ գործակից ընկերները, նախկին խնամակալներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։