Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓՐՕ ՕՐԻԷՆԹԷ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փրօ Օրիէնթէ» հիմնարկէն Էրնսթ Միւլլէրն ու Ռայմընտ Օրթնըրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Միջեկեղեցական բաժնի պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կը նշէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով, որոնք թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին յատկանշական։

ՊԱՅԾԱՌ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ

Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ վարդապետական գաւազանի տուչութեան ուրախառիթ արարողութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ակնակուռ լանջախաչ մը նուիրեց Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեանին:

ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վանքին մէջ ստացաւ վարդապետական գաւազան։ Անցեալ շաբաթ ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած էր իր վարդապետական թեզը։

Տ. ՇԻՐՎԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԻՒՐԶԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան երէկ ենթարկուած է գործողութեան մը։ Մասնագէտները երիկամունքի փոխպատուաստման յաջող վիրահատութեան մը ենթարկած են տէր հայրը։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՅՑԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Տոլմապահչէի պալատը։ Պատմական այս հոյակերտ կոթողը այցելելէ վերջ, տղաքը նոյն թաղամասին մէջ այցելեցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Էջեր