ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէսով մը նշուեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք: