ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՐԷԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԹԷԺ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՇՈՒՐՋ
Մխիթարեան վարժարանէն ներս նախատեսուած բարեփոխումներուն զուգահեռ ծնունդ առած խնդրայարոյց կացութիւնը կը շարունակէ հանրային կարծիքը անմիջականօրէն զբաղեցնել։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմինը այժմու թէժ իրադարձութիւններու կիզակէտին է, որովհետեւ գործընթացի շարունակութիւնը կախում ունի անոր վարչական կամքէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրը երկար ժամանակէ ի վեր անմխիթար վիճակի մատնուած է՝ յայտնի պատճառներով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեվերջի խրախճանքը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ մինչ աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր հանդէսին յայտագիրը, որու ընթացքին փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց մեներգչուհի Մարալ Այվազը, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ Իրեն ընկերացան սոյն համերգի կարգադիր յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Գալֆաեան տան խնամակալութիւնը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դպրոցի ապագային վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ մտած լուրերուն մասին։ Երէկ արձագանգ հանդիսացած էինք, որ Հոգեգալստեան տօնին ժամանակ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան յայտնած էր, որ յառաջիկայ տարի դպրոցը պիտի վերածուի մանկապարտէզի եւ աշակերտները պիտի ուղարկուին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ այս տարուան աւանդական երաժշտական փառատօնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի տղաքը տարրական ճանաչում ունենան անմոռանալի հանճար Արամ Խաչատուրեանի մասին, որու ծննդեան 120-ամեայ յոբելեանը նշուած էր մօտաւոր անցեալին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի պղնձագործ Գարեգին Քայա Քալայճըն, որ Գումգաբու փութացած էր նուիրելու համար իր գիրքերը։ Ան համբաւ ձեռք բերած է իր վարպետութեամբ եւ այդ հիման վրայ հրատարակուած են երկու գիրքեր, որոնք իր արհեստն ու արուեստը խոշորացոյցի տակ կը բերեն։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութենէն Վիլմա Քարան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Նատին Վանլըօղլու-Թաշը։