Թրքահայ կեանք

ՏՕՆԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տարեմուտի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Սուրբ Ծնունդով:
Համայնքի անդամները զիրար կ՚ողջունեն տաղաւարի աւետիսով:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատարագեց Գումգաբուի մէջ, ուր աւանդական ընդունելութեան ժամանակ վարչայիններ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ:

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը մեծ հրճուանքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տօնակտարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ՏԱՂԱՒԱՐԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, որ վերջին տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հաստատուած է, իսկ ներկայ տարեմուտին կ՚այցելէ քաղաքս։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն երկու դէպքերը միասնաբար կը տօնենք որպէս Աստուածայայտնութեան տօն. Տէր Յիսուսի սրբալոյս ծնունդը ի Բեթղեհէմ եւ իր Աստուածընկալ Մկրտութիւնը ի Յորդանան գետ: Երկուքն ալ զարմանք առաջացնելու չափ խոնարհ պայմաններու ներքեւ իրականացած են:

ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Գարափեքմէզի։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տարեմուտը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Մանկապարտէզի սաներու ժպիտները, ամանորեան երգերն ու արտասանութիւնները այնքան յաջող էին, որ բոլորին տարեմուտի տրամադրութիւնները պայմանաւորեցին։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը 2024 թուականը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ՝ մանաւանդ, որ բոլոր ճիւղերու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները ապագայ ձեռքբերումներու համար յոյս կը ներշնչեն բոլորին։

Էջեր